1 Հոկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՓԱՓԱ ՔԻՒՆՑԼԷՐԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Զուիցերիա տուած պաշտօնական այցելութեան պատուիրակութեան անդամներուն՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի, Արմէնօֆաս Հիմնարկի Նախագահ Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեանի եւ Արմէնօֆաս յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեց Հիւնտուիլի Բողոքական եկեղեցին, ուր նորածին Քիւնցլէր մկրտուած էր:

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Հիւնտուիլի քաղաքապետին եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կողմէ, որոնք առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետն ու պատուիրակութեան անդամները եկեղեցի, ուր յատուկ պաստառներու վրայ ներկայացուած էին Փափա Քիւնցլէրի մարդասիրական կեանքը ներկայացնող կարեւոր դրուագներ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ: Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զգայացունց նկարները ծածկուած էին եւ այցելուն ինք կրնար բանալ ու դիտել, որպէսզի շրջանի թուրք բնակչութեան ընդվզումը կանխարգիլուի:

Փափա Քիւնցլէր հայ ժողովուրդին իր ծառայութիւնը սկսած է Ուրֆայի մէջ: Ան որպէս բժիշկ ցեղասպանութենէն առաջ եւ ցեղասպանութենէն ետք շարունակած է իր գործունէութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Հիմնած է Ղազիրի Որբանոցը եւ Ազունիէի Բուժարանը (Լիբանան): Փափա Քիւնցլէր մահացած է 1949 թուին Ղազիրի մէջ: Անոր գերեզմանաքարին վրայ արձանագրուած է «Փափա Քիւնցլէր՝ հայ որբերուն հայրը»:

More News