Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 18 Սեպտեմբեր 2015-ին ընդունեց Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ Լիբանանի երկու առաջնորդները՝ Միշէլ Քասարճի եւ Ռուֆայէլ Թրապոլսի Եպիսկոպոսները։
Անոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցելու Իրաքէն ու Սուրիայէն Լիբանան հաստատուած եւ իրենց համայնքին պատկանող գաղթականներուն օժանդակութեան կապուած հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրելու, որպէսզի նախագահէ Հոկտեմբեր 24-ին տեղի ունենալիք կրօնական հրապարակային հանդիսութեան՝ նուիրուած ցեղասպանութեան զոհ գացած իրենց նահատակներուն եւ այս առիթով իր պատգամը ուղղելու։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու միջ-եկեղեցական ու քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող աշխատանքներուն եւ հարցերուն։
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կարեւորութիւնը ներքին քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու, յատկապէս Միջին Արեւելեան մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նոր Նախագահի ընտրութեան հրամայականը։
Նոյն օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալըխը։ Ընդհանուր քարտուղարը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելու յառաջիկայ ամիս, Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին մասի