ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7։00ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով։ Աւետարանի եւ Նարեկի ընթերցումներէն ետք, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը կատարեց մի քանի խմբերգներ։ Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեանի կողմէ արտասանուած «Զարթուցեալքս» բանաստեղծութենէն ետք, Յովհաննէս Սրկ. Ալթունեան յանուն շրջանաւարտ սարակաւագներուն ուղերձ կարդաց։ Ապա Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ.…