Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԽՄԲԱՎԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

«Որբը Տուն Շինեց» Ֆիլիբ Զաքարեանի հեղինակած 3 հատորներուն վերնագիրը, Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2015-ին թանձրացեալ իրականութիւն դարձաւ եւ մատուցուեցաւ Լիբանանի հայ թէ օտար հանրութեան: Արդարեւ, Պէյրութի հիւղաւաններուն, որբութեան, աղքատութեան եւ տնանկութեան դառն բաժակը ցմրուր ըմպած, սակայն կեանքի բոլոր ալեկոծութեանց դիմաց անխորտակելի հայու կամքին ուժը լաւագոյնս իր մէջ արտայայտած «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին որբը՝ Վարդան Մելքոնեան, իր կեանքին…