«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ՄՂՈՒՄ ՏԱԼ 100 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԵՐԿԱՐՈՂ ՀԱՅ-ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

22-27 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին հրաւէրներուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Զուիցերիա: Սոյն այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի, Արմէնօֆաս Հիմնարկի Նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան, Տիար Ալեքսան Քէօշէեան, Տիկ. Հայկուհի Եաղճեան եւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան։ Նկատի ունենալով սոյն այցելութեան կրօնական ու քաղաքական կարեւորութիւնը, Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Ստորեւ՝ հարցազրոյցը իր ամբողջութեանը մէջ:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, ի՞նչ էր աւելի քան տարի մը առաջ որոշուած եւ վերջերս կատարուած Զուիցերիա Ձեր այցելութեան հիմնական նպատակը:

Պատասխան – Այցելութիւնը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, նախաձեռնութեամբ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմենօֆաս Հիմնարկին, նպատակ ունենալով մեր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտել զուիցերիացի ժողովուրդին, պետութեան ու եկեղեցիներուն, անցնող 100 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդին մատուցած իրենց մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւններուն համար:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջական պատկերը ունենան ձեր այցելութեան զանազան երեսներուն, պիտի խնդրէինք որ աւելի լայն տեղեկութիւններ հայթայթէիք Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին մասին:

Պատասխան – Զուիցերիոյ ժողովուրդին կէսէն աւելին կը պատկանի Բողոքական եկեղեցիներուն, որոնք մաս կը կազմեն Բողոքական աշխարհի Բարեկարգեալ եկեղեցիներու ընտանիքին: Անոնք կազմակերպուած եկեղեցիներ են, վարչական ու տնտեսական լայն կարելիութիւններով օժտուած. ունին համալսարաններ եւ լուրջ աստուածաբաններ: Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին կեդրոնը կը գտնուի Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ եւ անոր նախագահն է Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր: Մենք անձնապէս մօտէն կը ճանչնանք Դոտկ. Լոխըրը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի մեր ատենապետութեան օրերէն, երբ ան Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ էր:

Արմէնօֆաս Հիմնարկը բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որուն վարչութիւնը կը բաղկանայ հաւասարապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին ներկայացուցիչներէն, իսկ նախագահը Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեանն է: Արմէնօֆասը շարունակութիւնն է Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութեան, որ կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին, օժանդակելու մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:

Հարցում – Շարունակելով մեր հարցազրոյցի տեղեկատուական բաժինը, Վեհափառ Տէր, կրնա՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ Զուիցերիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին կատարուած մարդասիրական ծառայութեանց մասին:

Պատասխան – Այս հարցումին պատասխանը կրնայ հսկայ հատոր մը լեցնել: Այս մասին լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են ֆրանսերէն, անգլերէն ու գերմաներէն լեզուներով, որոնք ամբողջական կերպով կը պարզեն այն հսկայ ծառայութիւնը, զոր Զուիցերիացի ժողովուրդը մատուցած է մեր ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ, ցեղասպանութեան շրջանին եւ ցեղասպանութենէն ետք: Այս ուղղութեամբ կ’արժէ կարդալ Karl Meyer-ի գերմաներէն լեզուով գրած եւ ֆրանսերէնի թարգմանուած “L’Arménie et la Suisse” հատորը: Արդարեւ, երբ Զուիցերիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին մատուցուած ծառայութեան ամբողջական պատկերը տեսնենք, միայն կրնանք մեր խոր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնել: Կրնա՞ք երեւակայել, որ ամէն դասակարգի պատկանող զուիցերիացիներ՝ բժիշկ, պատուելի, փաստաբան, բուժքոյր, ուսուցիչ ու շինական ձգելով Զուիցերիոյ հանգստաւէտ պայմանները, խաղաղ միջավայրը եւ աւելին՝ իրենց ընտանիքները, եկած են Միջին Արեւելք եւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ սահմաններէն ներս հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու: Պատկերացուցէք այդ օրերու մեր ժողովուրդի պայմանները՝ հալածանք, տառապանք, ջարդ ու աքսոր … Այս դժոխային ժամանակներուն եւ վտանգալից պայմաններուն մէջ զուիցերիացիներ դարձած են Աւետարանի բացատրութեամբ՝ մեր ժողովուրդին «Բարի Սամարացիները»…: Անոնք ապրած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, օգնած՝ կարիքաւորուն, քալած՝ մեր ժողովուրդին հետ տառապանքի ճամբաներէն, հաւաքած ու խնամած՝ որբերը, հաստատած՝ որբանոցներ, ծերանոցներ, այրիանոցներ ու հիւանդանոցներ եւ ջարդերէն ետք Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ շարունակած են իրենց ծառայութիւնը: Հարիւր տարիներ յետոյ այս մասին խօսիլը դիւրին է. սակայն երեւակայեցէք, թէ ի՜նչ կը նշանակէ նման հսկայ ծառայութիւններ կատարել ջարդի եւ տառապանքի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ոսկի տառերով պէտք է արձանագրուին Փափա Քիւնցլէրներու, Էլիզապէթ Քիւնցլերներու, Ուիցիմաններու, Քրաֆդ Պոնարներու եւ այն բազմաթիւ զուիցերիացիներուն անունները, որոնք իրենց բովանդակ կեանքը ընծայաբերեցին հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Զուիցերիացի ժողովուրդը նաեւ քաղաքական մարզէն ներս կարեւոր դեր ունեցաւ՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանման: Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչները Ազգերու Լիկային (նախքան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հաստատումը) մէջ յաճախակի առիթներով անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան, պաշտպանեցին հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ շեշտեցին Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման հրամայականը: Արդարեւ, երբ կարդաք Ազգերու Լիկայի ատենագրութիւնները, հոն յստակօրէն կը պարզուի Զուիցերիոյ ցուցաբերած զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ:

Այս բոլորին վրայ անհրաժեշտ է նաեւ աւելցնել զուիցերիական մամուլի անդրադարձը: Այդ օրերու զուիցերիական մամուլի բոլոր օրկանները, ո՛չ միայն լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ մամուլի առաջին էջերուն վրայ եւ մեծ տառերով արձանագրած ու պաշտպանած են հայ ժողովուրդի իրաւունքները (կ’արժէ քննական մօտեցումով ուսումնասիրել այդ շրջանի զուիցերիական մամուլը «Զուիցերիական մամուլը եւ Հայ Դատը» խորագրին տակ):

Հարցում – Ձեր տուած տեղեկութիւնները եւ կատարած մատնանշումները դժբախտաբար այնքան ալ ծանօթ չեն մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, կրնա՞նք իմանալ թէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ այս զօրակցութիւնը ինչպէ՞ս յառաջացաւ Զուիցերիայի մէջ:

Պատասխան – Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս մեր ժողովուրդը միշտ ենթակայ եղած է ճնշումներու, հալածանքներու եւ կեղեքումներու: Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումը հիմնական փոփոխութիւններ չբերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն գծով: 19-րդ դարու վերջին տարիներուն, երբ հայ ժողովուրդին նկատմամբ հալածանքներն ու կեղեքումները աւելի սաստկացան, զուիցերիացի ժողովուրդը հրապարակային կերպով արտայայտեց իր ընդվզումը՝ նախ մամուլի ճամբով եւ ապա, ժողովրդային ցոյցերով: Յատկանշական էր մանաւանդ 1896-ին Լոզանի մեծ ցոյցը: Ժողովուրդը պահանջեց կառավարութենէն, որ դիմէ դիւանագիտական ու քաղաքական ազդու միջոցներու կասեցնելու հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող հալածանքներն ու ճնշումները: Միաժամանակ, Լոզանի ժողովրդային ընդվզումը ճամբան բացաւ մարդասիրական ծառայութեան: Զուիցերիոյ զանազան քանթոններէն ներս ստեղծուեցան մարմիններ, կազմակերպուեցան հանգանակութիւններ եւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջանները ղրկուեցան գործիչներ, մարդասիրական առաքելութեամբ, կազմակերպելու համար ընկերային ծառայութեան աշխատանքները: Մարդասիրական այս գործունէութիւնը հետզհետէ աւելի ծաւալեցաւ եւ Զուիցերիոյ մէջ յառաջացան հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած կազմակերպութիւններ ու միութիւններ: Տարիներու ընթացքին զանազան միութիւններու միաձուլումով ստեղծուեցաւ Զուիցերիացի Հայասէրներու Միութիւնը: Յիշեալ աշխատանքներուն մէջ եկեղեցիները կարեւոր դեր կատարեցին, բնականաբար վայելելով պետութեան ամբողջական աջակցութիւնը:

Հարցում – Վեհափառ Տէր զուիցերիացիները ի՞նչ կառոյցներ հաստատեցին մեր գաղութներէն ներս: Կրնա՞ք հակիրճ կերպով անդրադառնալ նաեւ այս մարզին:

Պատասխան – Դարձեալ կարելի է երկարօրէն անդրադառնալ այս մասին, բայց պարզապէս կ’ուզենք յիշել հետեւեալները.- Արեւմտեան Հայաստանի ու յատկապէս Կիլիկիոյ հայահոծ քաղաքներէն ներս զուիցերիացիներ հաստատեցին ընկերային ու առողջապահական կեդրոններ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն մեր ժողովուրդին պատկանող այլ կառոյցներու շարքին կամ քանդուեցան եւ կամ թալանուեցան թուրքերուն կողմէ: Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն զուիցերիացիները կարեւոր դեր ունեցան մեր գաղութներու վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս: Որոշ վայրեր անոնք հաստատեցին մնայուն կառոյցներ, այլ շրջաններու մէջ՝ շարժուն կառոյցներ: Հոս կ’արժէ յիշել Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած ծերանոցը, կուրանոցը, Ազունիէի Բուժարանը, Լիբանանի մէջ, Աթէնքի մէջ հիմնուած ծերանոցը: Յիշեալ կառոյցներու ճամբով անոնք ընդարձակեցին իրենց ծառայութեան սահմանները. օրինակ, Լիբանանի մէջ շինեցին ժողովրդային տուներ (Էհլան), օգտակար հանդիսացան կարիքաւոր աշակերտներու, օժանդակեցին փոքր աշխատանոցներու տէրերուն, յատուկ ներդրումներ կատարեցին այն բոլոր ծրագիրներուն, որոնց նպատակը ընտանիք մը, դպրոց մը կամ համայնքային կեդրոն մը ինքնաբաւ դարձնել էր: Հարցազրոյցի այս բաժինը աւարտելէ առաջ, կ’ուզենք յիշեցնել, որ 1970-ական թուականներուն սկիզբը, հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց կատարած ծառայութիւնը աւարտած համարելով, զուիցերիացիները յիշեալ հաստատութիւնները փոխանցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, որպէսզի անոնք միասնաբար շարունակեն իրենց սկսած ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին:

Հարցում – 100 տարիներու վրայ տարածուած հայ-զուիցերիական յարաբերութիւնները ի՞նչ հանգրուաններէ անցան:

Պատասխան – Ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք, առաջին հանգրուանը զուիցերիացիներու կատարած ծառայութիւնն էր Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ ցեղասպանութիւնը կանխող տարիներուն ու ապա՝ ցեղասպանութեան շրջանին: Երկրորդ շրջանը ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն էր, մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը, այլ խօսքով՝ Միջին Արեւելքէն ներս մեր համայնքներու կազմակերպման շրջանը: Երրորդ հանգրուանը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն մինչեւ 1970-ական թուականներու սկիզբը, որու ընթացքին զուիցերիացիներու ծառայութիւնը աւելի հաստատութենական նկարագիր ստացաւ՝ նոր կառոյցներու հաստատումով ու ծրագիրներու մշակումով: Չորրորդ շրջանը առաւելաբար կարելի է բնորոշել, որպէս մեր եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող սիրալիր յարաբերութիւններու եւ սերտ գործակցութեան շրջան: Մեր յիշած իւրաքանչիւր շրջանին յատուկ պայմաններու եւ առաջնահերթութիւններու համապատասխան կերպով կազմակերպուեցան զուիցերիացիներուն մարդասիրական ծառայութիւնները: Իսկ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս Զուիցերիան միշտ զօրակցած է մեր ժողովուրդին:

Հարցում – Վեհափառ Տէր շնորհակալութիւն Ձեր տուած այնքան շահեկան տեղեկութիւններուն համար: Վերադառնալով Զուիցերիա Ձեր պատմական այցելութեան՝ կ’իմանանք որ Ձեր այցելութիւնը ունեցած է զանազան երեսներ. կը խնդրենք, որ այս մասին եւս հակիրճ տեղեկութիւններ տաք:

Պատասխան – Նախ յայտնենք, որ Մեր այցելութեան ընդհանուր խորագիրն էր «100 տարիներու հայ-զուիցերիական զօրակցութիւն»: Բնականաբար այս նախաձեռնութիւնը տեղի կ’ունենար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Մեր այցելութեան ծրագրին մաս կը կազմէին Զուիցերիոյ մամուլի հետ հանդիպումներ, հանդիսութիւններու ընթացքին ժողովուրդին ուղղուած պատգամներ, պետական պատասխանատուներուն այցելութիւններ եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու հետ աշխատանքային հանդիպումներ:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, շնորհակալ պիտի ըլլանք եթէ Ձեր յիշած այցելութեան ծրագրին զանազան երեսներուն առանձնաբար անդրադառնաք՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տալով:

Պատասխան – Ժողովրդային հանդիսութիւններուն առաջինը տեղի ունեցաւ Ժընեւի մօտերը գտնուող Պէնյէն գիւղին մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն նոյն գիւղի պատուելին՝ Անթոնի Քրաֆդ Պոնար, հրաժարելով իր հովուական պատասխանատուութենէն ամբողջութեամբ կը նուիրուի հայ որբերու ծառայութեան: 1921-ին նոյն գիւղին մէջ կը հիմնէ փոքր որբանոց մը, հանգրուանային կերպով հայ որբեր կը բերէ Պոլիսէն եւ իր շուրջ ունենալով խումբ մը օգնականներ կը լծուի որբերու խնամքին եւ ուսման: Նկատի ունենալով Պէնյէնի որբանոցի սահմանափակ կարելիութիւնները, այլ որբանոց մը կը հիմնէ Ժընեւի մէջ 1922-ին: Քրաֆդ Պոնար ոչ միայն իր ողջ կեանքը կը նուիրէ որբերու ծառայութեան, այլ նաեւ բազմաթիւ գիրքեր կը հրատարակէ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Համացանցին մէջ կարելի է գտնել իր հրատարակած գիրքերուն ամբողջական ցանկը: Քրաֆդ Պոնար իր ծառայութեան ընթացքին յաճախակի կերպով կը պնդէ, որ հայ որբերը հայ պէտք է մեծնան, պահելով իրենց ինքնութիւնը. ան յատուկ աշխատանք կը տանի այս ուղղութեամբ եւ իրապէս, Պէնյէնի հայ որբերէն ոմանք Զուիցերիոյ մէջ մնալով հայ ընտանիքներ կը կազմեն, իսկ ուրիշներ Միացեալ Նահանգներ կը մեկնին: Պէնյէնի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին յուզիչ էր լսել վկայութիւնները որբերու զաւակներուն ու թոռներուն: Բնականաբար Մեր պատգամին մէջ, Մեր խոր գնահատանքը յայտնեցինք Պէնյէնի գիւղի ժողովուրդին, որ իր զաւակներէն մէկը կարեւոր դեր կատարած էր որբահաւաքի ու որբախնամութեան աշխատանքին մէջ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Արմէնօֆաս Հիմնարկին կողմէ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Արմէնօֆասի նախագահուհին, Պէնյէնի քաղաքապետը, հոգեւոր հովիւը եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը: Անոնք շեշտեցին Քրաֆդ Պոնարի կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Կիլիկիոյ հայ որբերու զաւակներն ու թոռները յուզումով մասնակից դարձան «Կիլիկիա»ի երգեցողութեան՝ որ հնչեց հայ որբերու ապաստարանը դարձած կեդրոնին մօտը գտնուող սրահին մէջ: Այս առիթով հայ ժողովուրդի գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտող ցուցատախտակ մը յանձնեցինք Պէնյէնի քաղաքապետին:

Հարցում – Որքան գիտենք, տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն երկրորդը տեղի ունեցաւ Պէռնի մէջ, Վեհափառ Տէր, այս մասին եւս պիտի ուզէինք իմանալ:

Պատասխան – Այս երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պէռնի Մայր Տաճարին մէջ, մեծ թիւով զուիցերիացիներու ներկայութեամբ: Յայտնենք, որ բոլոր հանդիսութիւններուն ներկայ եղան նաեւ զուիցերիաբնակ հայեր: Պէռնի հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ: Խօսք առինք նախ Մենք եւ ապա, Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին նախագահ Դոկտ. Լոխըր: Մեր խօսքին մէջ անդրադառնալով 100 տարիներու հայ-զուիցերիական յարաբերութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս իրենց կատարած ծառայութեան, կարեւորութեամբ շեշտեցինք երեք կէտեր, որոնք մղիչ ուժը դարձած էին Զուիցերիոյ ժողովուրդին կատարած ծառայութեան.- հաւատք Աստուծոյ նկատմամբ, պաշտպանութիւն արդարութեան եւ զօրակցութիւն մարդկային արժանապատուութեան: Միաժամանակ յիշեցուցինք, որ 100 տարիներ առաջ սկսուած զօրակցութիւնը, մանաւանդ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով, պէտք է վերանորոգ թափով շարունակուի այսօր: Դոկտ. Լոխըր անդրադառնալով հայ ժողովուրդը շրջապատող պայմաններուն՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, շեշտեց թէ քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ զուիցերիացի ժողովուրդին ունեցած ամուր կապուածութիւնն է, որ զինք մղեց իր ծառայութիւնը մատուցելու հայ ժողովուրդին:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, երրորդ հանդիսութիւնը նուիրուած էր Փափա Քիւնցլէրին: Այս մասին եւս մեծապէս գոհ պիտի մնանք եթէ մեզի փոխանցէք որոշ տեղեկութիւններ:

Պատասխան – Մեր այցելութեան մաս կազմող երեք գլխաւոր ժողովրդային հանդիսութիւններէն իւրաքանչիւրը իր ուրոյն նկարագիրը ունէր, բնականաբար՝ հայ-զուիցերիական զօրակցութիւնը մնալով հասարակաց գիծը բոլոր ձեռնարկներուն: Փափա Քիւնցլէրը հայ ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութեան կատարող զուիցերիացի ամէնէն ցայտուն դէմքերէն մէկը եղած է: Ան Ուրֆայի մէջ սկսած է իր ծառայութիւնը որպէս բժիշկ ցեղասպանութենէն առաջ, եւ ցեղասպանութենէն ետք շարունակած է իր գործունէութիւնը Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եւ մահացած 1945-ին Լիբանանի Ղազիր գիւղին մէջ: Ան մեծ դեր ունեցած է Ղազիրի որբանոցին եւ Ազունիէի բուժարանին հիմնադրութեան մէջ: Հարիւրաւոր որբեր հաւաքած ու խնամած է, հիւանդներուն եւ անկարներուն վէրքերը դարմանած է ու իր ողջ կեանքը նուիրած հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Փափա Քիւնցլէրի գերեզմանը կը գտնուի Շուֆի շրջանին մէջ եւ անոր վրայ արձանագրուած է «Փափա Քիւնցլէր՝ հայ որբերուն հայրը»: Հանդիսութենէն առաջ այցելեցինք իր ծննդավայրը՝ Հիւնտուիլ, եկեղեցւոյ մէջ ուր մկրտուած էր Փափա Քիւնցլէր, իրեն նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր: Ցուցահանդէսը լայն չափով կը ներառէր դէպքեր ու նկարներ Հայոց Ցեղասպանութենէն: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուօլցընհաուսընի մէջ, ուր Փափա Քիւնցլէր անցուցած էր իր պատանեկութեան տարիները: Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանի գիւղերու բնակիչները ինչպէս նաեւ պետական ու կրօնական անձնաւորութիւններ: Յաջորդաբար խօսք առին քաղաքապետը, Ցիւրիխի համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս պատմագէտ Քայզըր, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ առաջին դեսպանը, Արմէնօֆասի նախագահ Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան եւ շրջանի հոգեւոր հովիւը: Խօսք առին նաեւ Անգլիայէն ու Ամերիկայէն ժամանած Փափա Քիւնցլէրի երկու թոռները: Մեր փակման խօսքին մէջ Փափա Քիւնցլէրը ներկայացուցինք, որպէս քրիստոնէական արժէքները իր կեանքին մէջ ապրած ու զանոնք ծառայութեամբ արժեւորած օրինակելի քրիստոնեայ մը, որ իր ողջ կեանքը նուիրած էր հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Յանուն մեր ժողովուրդին Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեցինք Քիւնցլէրի ընտանիքին, իր գիւղին եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդին: Յատուկ գոհունակութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ մեր յիշած երեք հանդիսութիւններու ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի կրօնաբոյր մեղեդիները՝ կատարողութեամբ Ազգ. Սօֆիա Յակոբեան Գոլէճը աւարտած եւ Զուիցերիոյ մէջ իրենց երաժշտական ուսումը ստացած Օրդ. Թամար եւ Տիար Շանթ Իսքէնեաններու:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, յիշեալ ժողովրդային հանդիսութիւններուն առընթեր եւ նոյնքան կարեւոր՝ կրօնական ու պետական հանդիպումներ ունեցաք. կրնա՞ք այս ուղղութեամբ եւս մեզի որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել:

Պատասխան – Մեր ունեցած հանդիպումները հարկ է բաժնել երկու մասերու: Առաջին մասը՝ Մեր ունեցած հանդիպումներն էին կրօնական պատասխանատուներուն հետ: Պէռն ժամանման առաջին իսկ պահուն Մեր պատուիրակութեան հետ միասին հանդիպում ունեցանք Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահին եւ իր գործակիցներուն հետ: Եկեղեցիներուն անունով Դոկտ. Լոխըր ողջունելով մեր այցելութիւնը, շեշտեց անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը յատկապէս մեր եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում տալու իմաստով: Մենք ալ Մեր կարգին, յիշելով հարիւր տարիներու գործակցութիւնը մեր ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն միջեւ, շեշտեցինք ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց զայն առաւել եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Երկու պատուիրակութիւններու հանդիպումէն ետք, Մենք առանձին հանդիպում մը ունեցանք Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Լոխըրի հետ, որու ընթացքին քննեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին գործակցութեան, Հայ Դատի գծով Զուիցերիոյ կառավարութեան մօտեցման, Միջին Արեւելքի կացութեան եւ վերջին շրջանին Եւրոպա ուղղուող գաղթականներու հոսքին առնչուած հարցեր եւ մտահոգութիւններ: Կրօնական հանդիպումներու ծիրէն ներս, տեսակցութիւններ ունեցանք Զուիցերիոյ Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու ժողովի նախագահին եւ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսին հետ: Մեր Սուրբ Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանուտուն եւս հանդիպումներ ունեցաւ յիշեալ եկեղեցիներուն միջ-եկեղեցական պատասխանատուներուն հետ: Մեր հանդիպումները, տեղեկութիւններու եւ մտահոգութիւններու փոխանակումէն անդին՝ վստահաբար պիտի ծառայեն մեր եկեղեցիներու գործակցութեան առաւել ծաւալման: Այս ծիրէն ներս կ’ուզենք յայտնել, որ Զուիցերիոյ բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Նոյեմբեր ամսուայ աւարտին յատուկ առաքելութեամբ պիտի ժամանէ Լիբանան:

Մեր ունեցած հանդիպումները պետական ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թէ՛ Զուիցերիոյ ու Հայաստանի յարաբերութեանց, թէ՛ Միջին Արեւելքի ու մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի նկատմամբ Զուիցերիոյ ունեցած դիրքորոշումին եւ թէ Հայ Դատի վերջին զարգացումներու գծով Զուիցերիոյ մօտեցման շրջագծէն ներս: Այս հարցերուն մասին լայնօրէն խօսեցանք Զուիցերիոյ արտաքին գործոց պետական նախարարին եւ Ծերակոյտի Նախագահին հետ: Յատուկ կերպով անդրադարձանք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այդ ծիրէն ներս Փէրէնչիքի հարցին, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ու կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, եւ այլ հարցերու: Մեր ունեցած հանդիպումները այնքան շինիչ էին, որ արտաքին գործոց պետական նախարարը առաջարկեց, որ շուտով դարձեալ հանդիպում ունենանք: Հանդիպումներուն ներկայ էին Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին Նախագահ Դոկտ. Լոխըր: Մենք հանդիպումներ ու զրոյցներ ունեցանք նաեւ Ֆրանսայի, Լիբանանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու դեսպաններու, ու Զուիցերիոյ շարք մը երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու հետ:

Հարցում – Ընդհանրապէս նման պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին հաղորդագրութիւններ կամ միացեալ յայտարարութիւններ կը հրապարակուին: Այս պարագային արդեօք նման նախաձեռնութիւն մը կատարուեցա՞ւ:

Պատասխան – Այո՛, միացեալ յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ՝ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահին: Ֆրանսերէն լեզուով կատարուած միացեալ յայտարարութեան մէջ յիշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման կարեւորութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքները պաշտպանելու եւ անոնց ներկայութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն անմիջական օգնութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարցում – Վեհափառ Տէր, քիչ առաջ յիշեցիք, որ նաեւ հարցազրոյցներ ունեցած էք մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ աշխարհին մէջ տեղեկատուութիւնը կարեւոր դեր ունի, ի՞նչ ըսելիք ունիք այս մասին:

Պատասխան – Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ մամուլը ուժի կարեւոր աղբիւրներէն մէկն է: Մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ մեր ունեցած հանդիպումները կը նկատենք շատ կարեւոր: Մեծապէս յատկանշական էր մամուլին ընդառաջումն ու հետաքրքրութիւնը եւ այն կարեւոր տեղը, որ ան յատկացուցած էր Մեր հարցազրոյցներուն: Հինգ հարցազրոյցներ ունեցանք Զուիցերիոյ ֆրանսերէն ու գերմաներէն մամլոյ գործակալութիւններուն հետ: Հարցազրոյցները ընդգրկեցին գրեթէ քիչ առաջ Մեր մատնանշած հարցերը. բնականաբար իւրաքանչիւր մամուլ իրեն յատուկ շեշտաւորումով ներկայացուցած էր Մեր հարցազրոյցները: Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն Մեր հարցազրոյցները լայն արձագանգ գտած են պետական ու կրօնական շրջանակներէն ներս: Բացի Մեր ունեցած հարցազրոյցներէն, զուիցերիական մամուլը լայնօրէն արձագանգեց հայ-զուիցերիական զօրակցութեան նուիրուած ժողովրդային հանդիսութիւններուն եւ յատկապէս այն իրողութեան, որ 100 տարիներ ետք Մենք եկած էինք շնորհակալութիւն յայտնելու զուիցերիացի ժողովուրդին կողմէ հայ ժողովուրդին կատարուած ծառայութեան համար:

Հարցում – Որպէս եզրակացութիւն մեր հարցազրոյցին, Վեհափառ Տէր, ի՞նչ է Ձեր արժեւորումը այս այցելութեան:

Պատասխան – Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, կ’ուզենք հետեւեալ կարեւոր կէտերը յիշել.- Ա) Մեր բոլոր հանդիպումներուն, հարցազրոյցներուն ու պատգամներուն ընթացքին յատուկ կերպով շեշտեցինք, թէ եկած ենք Մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու զուիցերիացի ժողովուրդին: Մեր այս մօտեցումը խոր յուզումով եւ բարձր գնահատանքով ընդունուեցաւ պետական, կրօնական ու ժողովրդային շրջանակներուն կողմէ: Բ) Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, յատկապէս հատուցման գծով Մեր պատկերացումը պարզելու ու Զուիցերիոյ պետութեան եւ եկեղեցիներու ուշադրութիւնը այդ կէտին վրայ հրաւիրելու: Հետեւաբար, նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս մեծապէս կարեւոր կը նկատենք այս այցելութիւնը: Գ) Կենսական էր նաեւ Մեր այս այցելութիւնը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցերու մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցելու, եւ միաժամանակ՝ Մեր մտահոգութիւնները պարզելու իմաստով: Դ) Միջին Արեւելքը յուզող տագնապներուն գծով Մեր կատարած վերլուծումները ցոյց տուին պետական ու կրօնական պատասխանատուներուն, թէ հայ գաղութները հետեւողի կրաւորական վիճակի մէջ չեն, այլ կարեւոր տեսակէտ ու դերակատարութիւն ունին շրջանէն ներս: Ե) Մեր ունեցած երկար տարիներու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնը Մեզ մղած էր ճանչնալու օտար եկեղեցիներն ու անոնց պատասխանատուները: Նման հանդիպումներ բնականաբար առիթներ են վերանորոգելու Մեր բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը:

Որպէս վերջաբան Մեր հարցազրոյցին, կ’ուզենք դարձեալ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ ինչ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կատարէ, որպէս մղում ու նպատակ ունի՝ մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ եւ մեր հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը: Կը հաւատանք, որ Զուիցերիա կատարած Մեր այս այցելութիւնը կարեւոր նպաստ բերաւ մեր ընդհանրական շահերուն: Նկատի ունենալով միջազգային համայնքէն ներս Զուիցերիոյ իւրայատուկ տեղն ու դերը, անհրաժեշտ է նոր մղում տալ 100 տարիներու վրայ երկարող հայ-զուիցերիական գործակցութեան: