Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ հոգեւոր պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի կացութեան, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաուած դժուարութիւններուն և Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ առնչուած մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։ Եունան Պատրիարքը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին Սուրիոյ մէջ…