24 Հոկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԹԷՆՔԻ ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ-ՖԻՔՍԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի այցելեց Աթէնքի Նէոս Գոզմոս-Ֆիքս շրջանի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցական դասուն, Յունաստանի Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Աւանդական աղի եւ հացի օրհնութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի, եւ ապա կատարուեցաւ «Երեկոյեան» ժամերգութիւն:

 

            Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու իր Հայրապետական պատգամը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան, որ մեզ կը կապէ մեր հայրերու հաւատքին, մեր նահատակներուն եւ պատմութեան: Ան ուրախութեամբ փոխանցեց Յունաստանի Նախագահին ունեցած դրական արտայայտութիւնները Յունաստանի մեր համայնքի զաւակներուն մասին, եւ քաջալերեց որ անոնք շարունակեն իրենց մասնակցութիւնը բերել Յունաստանի հայրենիքի բարգաւաճման: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կո՛չ ուղղեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակները ու յատկապէս երիտասարդները համախմբուին եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն շուրջ, որոնք հայապահպանման կարեւորագոյն կռուաններն են:

 

            Եկեղեցական արարողութեան աւարտին ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն:

More News