ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵՒ ՕՏԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱՎԱՅՐ

«Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, անցնող օրերու ընթացքին, ուխտաւորներ ընդունելով Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս: Ուխտաւորներ՝ հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ’այցելեն…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆՑ ՇԱՐՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ 10-14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2015

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, 10-14 Օգոստոս 2015-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով: ՀԵՏԵՒԻՆՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ` ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015 «ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ…