ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՀԱԼԱԾԱՆՔ, ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
1-5 Նոյեմբեր 2015-ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցաւ կրօնի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նուիրուած միջազգային համագումար մը՝ «Խտրականութիւն, Հալածանք, Նահատակութիւն՝ Միասնաբար Հետեւիլ Քրիստոսի» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Կլոպըլ Քրիսթյըն Ֆորում-ի կողմէ, համագործակցութեամբ Ալպանիոյ Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն: 170 եկեղեցական եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն համագումարին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին՝…