Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը: Ընդհանուր Քարտուղարը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց, 3-4 Նոյեմբեր 2015-ին Գահիրէի մէջ, իբր Խորհուրդին Նախագահ, Գործադիր Վարչութեան ժողովին մասնակցութեան համար:

Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս տագնապին դիմաց ՄԱԵԽ-ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, եւ վստահեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատրաստակամութիւնը զօրավիգ կանգնելու Խորհուրդի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

Ընդհանուր Քարտուղարը տեղեակ պահեց, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Զուիցերիոյ Կաթոլիկ եւ Բողոքական Եկեղեցիներու նախագահները բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ պիտի այցելեն Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենան Լիբանանի զանազան համայնքներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ: Ան Վեհափառ Հայրապետին ցուցմունքներն ու օժանդակութիւնը խնդրեց այս այցելութիւնը առաւել եւս արդիւնաւոր դարձնելու համար: