Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իմանալով Ղարաբաղի ու Հայ Ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բախումներու ընթացքին ինկած Հայոց բանակի զոհերուն մասին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-
«Խոր ցաւով իմացանք մեր զինուորներուն մահուան մասին։ Անոնց ընտանիքներուն կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը և Հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Մեր զինուորները հերոսներ են ու նահատակներ, որովհետեւ անոնք Հայրենիքին, մեր անկախութեան ու իրաւունքներուն համար իրենց արիւնը թափեցին»։
Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր քաջարի բանակին։ Հայոց բանակը երաշխիքն է մեր Հայրենիքին ապահովութեան ու անկախութեան։ Հզօր բանակ՝ կը նշանակէ հզօր Հայրենիք։ Վստահ ենք որ քաջ զինուորները վերանորոգ մարտունակութեամբ ձախողութեան պիտի մատնեն Ղարաբաղի հողային տարածքին մօտենալ փորձող թշնամիին բոլոր տեսակի ճիգերը։»