Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

  Սոյն Հայրապետական Պատգամը ընթերցուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ։     ՈՂՋՈՅ՜Ն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍԻՍԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ               Խոր յուզումով բայց վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ Սիսի մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանէն։               Պատմութեամբ շնչող սրբավայր է այս Կաթողիկոսարանը՝ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի…