«ՓԱՓԱ ՔԻՒՆՑԼԷՐԻ ԿԵԱՆՔԸ ՍԻՐՈՅ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ուօլցընհաուսընի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Փափա Քիւնցլէրի յիշատակի ձեռնարկին: Փափա Քիւնցլէր այս գիւղին մէջ անցուցած էր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, նախքան հայ ժողովուրդին օգնութեան համար իբր կամաւոր բժիշկ Ուրֆա մեկնիլը:

 

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ուօլցընհաուսի Քաղաքապետ Հանսրուտի Պանզիկըր, Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի շրջանի ներկայացուցիչ Քոնի Պուրտըրըր, Խորհուրդի Փոխ-նախագահ Լինի Սութըր, Զիւրիխի համալսարանի դասախօս պատմաբան Հանս-Լուքաս Քայզըր, Ծերակուտական Հանս Ալթհըր, Արմէնօֆասի Նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Քիւնցլէրի երկու թոռները՝ Էնն Պէթզ (Անգլիա) ու Փրուտի Մարշըլ (Միացեալ Նահանգներ) եւ Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ ու Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ առաջին Դեսպան Քոնսթանթին Օպոլէնսքի:

 

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Փափա Քիւնցթըրի անանձնական ծառայութեան, որ մատուցած էր հայ ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յաջորդող շրջանին՝ յատկապէս որբահաւաքի աշխատանքի միջոցաւ: «Փափա Քիւնցլէրի կեանքը սիրոյ գործնական արտայայտութիւնն է: Արդարեւ, աստուածային սէրը մղիչ ուժը հանդիսացաւ այս զուիցերիացիին համար, որ իր ամբողջ չափահաս կեանքը ընծայաբերեց մարդկութեան ծառայութեան: Սիրոյ ուժը պատճառ հանդիսացաւ, որ ան դրժէ ուժին սէրը: Սիրոյ ուժը զինք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին՝ ողբի ու տառապանքի օրերուն: Եւ սիրոյ ուժը մղեց Փափան ինքզինք նոյնացնելու աղքատին, հիւանդին եւ հալածուողին հետ» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Հարիւր տարիներ ետք, ամբողջ հայ ժողովուրդին երախտագիտութեան ձայնը բարձրացնող Հայրապետին սրտառուչ խօսքի ընթացքին ուշագրաւ էր Քիւնցլէրի թոռներուն աչքերէն հոսող արցունքը: Շրջանի զուիցերիացի ժողովուրդը լեցուցած էր ամբողջ եկեղեցին, որոնք Քիւնցլէրի ընտանիքի անդամներուն հետ եկած էին յարգելու յիշատակը մեծ հայասէրին ու մարդասէրին։