«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԼՈՒԾԵԼ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒԺՈՎ ԱՅԼ ՄԻԱՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքը այսօր վերստին դարձած է տագնապներով լեցուն շրջան մը: Տագնապներ որոնք կը հրահրուին արտաքին ուժերու կողմէ ի շահ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն: Այս տագնապները ամբողջական ու մնայուն լուծում կրնան գտնել միայն քաղաքական գործընթացով՝ մասնակցութեամբ տեղական ուժերու եւ մեկնելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր պահող յանձնառութենէն», այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը ներկայացուց Աթէնքի մէջ 18-20…