ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՍԵՐՊԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան յատուկ առաքելութեամբ ուղղուեցաւ Սերպիա, Խրուաթիա եւ Պոսնիա ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

 

            Հայր Սուրբը իր մասնակցութիւնը բերաւ 13-14 Սեպտեմբեր 2015-ին, Եասենովադզ քաղաքի ցեղասպանութեան նահատականերու կեդրոնին մէջ, «Նահատակութեան» նուիրուած համագումարին: Եասենովադզ քաղաքը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին եղած էր կեդրոնացման հաւաքավայր, ուր Ուսթաշի Կուսակցութիւնը շուրջ 700,000 սերպեր ջարդած է: Համագումարը կազմակերպուած էր Սլավոնիոյ շրջանի Եպիսկոպոս Եովան Սրբազանին կողմէ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն զանազան դասախօսներ եւ եկեղեցիներու ներկայացուիչներ: Հայր Յուսիկ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման մասին:

 

            16 Սեպտեմբեր 2015-ին Պոսնիայի, Րիբուպլիքա Սրպսքայի գիտութիւններու ակադեմիայի սրահէն ներս Հայր Սուրբը դասախօսութիւն մը տուաւ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: Իսկ յաջորդ օրը, Սերպիոյ մէջ՝ Պէլկրատի հանրային գրադարանի սրահէն ներս, դասախօսեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Կիլիկիա» Թանգարանին մասին, շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի մշակութային կորուստին վրայ:

 

            Սոյն ճամբորդութեան ընթացքին Հայր Սուրբը հանդիպումներ ունեցաւ Սերպ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արսէնի Եպիսկոպոսին եւ Խրուաթիոյ Պոզէքա շրջանի Կաթոլիկ Եպիսկոպոս Անթուն Սքորսեվիչ Սրբազանին հետ: Զոյգ Սրբազանները մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին շրջանին Եւրոպա ժամանած Սուրիացի գաղթականներուն մասին եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին: Հայր Սուրբը նաեւ այցելեց Սերպիոյ Ցեղասպանութեան թանգարանը ուր հանդիպում ունեցաւ թանգարանի տնօրէնին հետ: