Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երեք հատորներու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Կաթոլիկ Իգնատիոս Եուսըֆ Գ. Պատրիարքը, պատրիարքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, լիբանանեան ու հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ եւ շուրջ երկու հարիւր հրաւիրեալներ:
Շնորհահանդէսին բացման խօսքը արաբերէն լեզուով կատարեց Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Ան յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետին 100-ամեակի առիթով Հայ Դատի նոր մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ շեշտած «Յիշել, Յիշեցնել եւ Պահանջել» կարգախօսը ու անկէ եկող հրամայականը և ապա, ներկայացուց օրուան բանախօսները:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէն լեզուով ներկայացուց “The International Criminal Law Review”-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ թիւը՝ “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparations”, լոյս տեսած Կաթողիկոսարանի տպարանէն 2015 թուականին: Սոյն հատորին մէջ մէկտեղուած են Փետրուար 2012-ին Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած “From Recognition to Reparation” միջազգային համագումարին դասախօսութիւնները: Դոկտ. Պայրագտարեան, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր սոյն համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, նշեց “The International Criminal Law Review”-ի կարեւորութիւնը միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս: Ան հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ կրօնական հաստատութիւն մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած էր վերոնշեալ համագումարը, որուն ի պատասխան մէջբերեց հատորին մէջ ներառնուած Վեհափառ Հայրապետին յօդուածէն. «Մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան հարցերը ընդհանրապէս եւ Հայ Դատը մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմեն: Հետեւաբար, անոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ: Եկեղեցին պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ ու յանձն կ’առնէ տէր կանգնիլ իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, որովհետեւ Եկեղեցին հիմնական դեր է ունեցած եւ կը շարունակէ ունենալ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու ապագայի կերտման»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Կաթողիկոսութեան Սիսի պատմական նստավայրի պահանջքի դատին:
Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լիբանանեան Վկայութիւններ» (արաբերէն) իր հեղինակած հատորը, լոյս տեսած այս տարի Կաթողիկոսարանի տպարանէն: Ան տասը կէտերու մէջ ամփոփեց իր գիրքին հետապնդած նպատակը, արտայայտեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, խստիւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող ու գործադրող Օսմանեան պետութիւնը եւ կոչ ուղղեց թուրք պետութեան ճանչնալու մարդկութեան դէմ իրենց նախահայրերուն գործադրած ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Կ’ուզեմ ողջունել թուրք մարդասէր մտաւորականներն ու հեղինակները, որոնք քաջութիւնը ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները արտայայտել եւ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հակառակ իրենց դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, ընդդիմանալով Թուրքիոյ ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան: Հարկ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յատուկ աշխատանք տանիլ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն դուրս, դրժողական քաղաքականութիւնը դիմակազերծելու» ըսաւ Դոկտ. Զահրէտտին: Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին քաջ կեցուածքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով։
Դոկտ. Սեդա Տատոյեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր խմբագրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին հազար տարիներու պատմութիւնը պարփակող “The Armenian Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission” անգլերէն եւ ֆրանսերէն յօդուածներով հսկայածաւալ հատորը: «Սոյն հատորը երկու հարիւրամեակներ կ’ընդգրկէ, բայց ո՛չ պատահականօրէն: Առաջինը՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երկրորդը՝ նոյն տարուան ընթացքին Սիսի Կաթողիկոսարանին պարտադիր պարպումը, որ ցեղասպանութեան բազմաթիւ երեսներէն մին էր» յայտնեց Դոկտ. Տատոյեան: Ան նաեւ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առանցքային դերակատարութիւնը կիլիկեան շրջանին ու յատկապէս ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի վերականգնումի աշխատանքներուն, Սփիւռքի մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Ճէնտէրէճեան եղբայրները ջութակի նուագներով եւ սոփրանօ Տիկ. Շողիկ Թորոսեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի, ներկայացուցին հայ երաժշտական կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին Կաթողիկոսարանին կողմէ ներկաներուն նուէր տրուեցան վերոյիշեալ արաբերէն և անգլերէն հատորները։