21 Սեպտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա, հրաւէրովը Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին։ Յառաջիկայ օրերու ընթացքին յաջորդաբար Ժընեւի, Պենիանի (Լոզանի մօտ), Պեռնի եւ Ուալզընհաուզընի (Ցիւրիխի մօտ) շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւններ «100 տարիներու հայ-զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով։ Հանդիսութիւններուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն Վեհափառ Հայրապետը, Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահն ու պետական ներկայացուգիչներ։ Յատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի Բաբա Գունձլըրի, Քրաֆթ Պոնարի, այլ զուիցերիացիներու եւ ընդհանրապէս Զուիցերիոյ այն եկեղեցիներուն ու հաստատութիւններուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ընկերային ու մարդասիրական մարզերէն ներս մեծապէս օժանդակեցին հայ ժողովուրդին՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Վերոյիշեալ ձեռնարկներուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ՝ զուիցերիական թերթերու եւ մամլոյ գործակալութիւններուն հետ։ Յիշեալ առաքելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, նախարար Տիար Արթիւր Նազարեան եւ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի։ Զուիցերիոյ մէջ պատուիրակութեան պիտի միանան Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Արմէնօֆասի խորհուրդի անդամ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Արմէնօֆասի նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան, նոյն խորհուրդի անդամ Տիար Ալեքսան Քէօշէեան եւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան։

More News