ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ գիշեր, գլխաւորութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ատենապետ Հրանդ Մարգարեանի, բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Սրբութեան ու բիւրոյի ներկայացուցիչներուն խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի ու Ղարաբաղի ներքին կեանքին առնչուած հարցեր, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու ձգտող կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը եւ այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԵԳԻՊՏՈՍ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ի յետ միջօրէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Եգիպտոս նախագահելու Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին։            Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբերին։