Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՔՍԻՈՆ ՔՐԷԹԻԷՆ»-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Աքսիոն Քրէթիէն»-ը ներկայացնող և շուրջ 20 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ յիշեալ կազմակերպութեան նախագահին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վերապատուելի Մկրտիչ Քարակէօզեան և Ծերանոցի տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու «Աքսիոն Քրէթիէն»-ի ներկայացուցիչները։   Վեհափառ Հայրապետը…