Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան վարչութիւնը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Իրինա Լազարեան և Լիբանանի Գարակէօզեան կեդրոնի տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեան։ Գարակէօզեան հաստատութեան պատասխանատուները եկած էին Նորին Սրբութեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հաստատութեան տարած գործունէութեան նկատմամբ անոր…