«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿԸ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ֆրանսերէն լեզուով իր խօսքը ուղղեց Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան բազմահազար ժողովուրդին, որոնք եկած էին Հարիսայի Ասորի Կաթոլիկներու Ս. Աստուածածին վանքը տօնախմբելու նահատակ Ասորի Կաթողիկէ Եպիսկոպոս Ֆլաւիանօ Միշէլ Մելքիի երանացումը։ Արդարեւ, 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայ հոգեւորականներու կողքին նաեւ, Մարտինի մէջ նահատակուած էր շրջանի Ասորի Կաթոլիկ Առաջնորդը՝ Ֆլաւիանօ Միշէլ Մելքին։ Վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը երանացուցած էր նահատակը որպէս առաջին քայլ անոր սրբացումին՝ համաձայն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սրբադասման գործընթացին։

 

     Այս առիթով պատարագեց Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եունան Գ. Պատրիարքը։ Պատարագի աւարտին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին սրբադասման հռչակագիրը և ապա, յաջորդաբար խօսք առին Պապի ներկայացուցիչը՝ Կարտինալ Անժելօ Ամաթո, Րայի Պատրիարքը, Լահամ Պատրիարքը և ապա, Վեհափառ Հայրապետը։

 

      Իր խօսքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նախ անդրադարձաւ նահատակութեան հասկացողութեան քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը և այդ ծիրէն ներս Մելքի Եպիսկոպոսին նահատակութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ նահատակները անցեալին չեն պատկանիր, անոնք իրենց կեանքով ու պատգամով կենդանի ներկայութիւն են եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Այսօր մեր նահատակները կը պատգամէն մեզի.- Կառչեցէ՛ք ձեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն Միջին Արեւելքէն ներս, շարունակեցէ՛ք ձեր քրիստոնէական վկայութիւնը՝ հակառակ ձեզ շրջապատող ահաւոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

 

     Յիշեալ արարողութեան Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան և Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։