«ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ՈՒԶԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՌԱԾ ՇՆՈՐՀԻՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԱՓԱԾ ԱՐԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առաջնորդ Սրբազանին` Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին կողքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին նաեւ՝ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը,…