«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԵՂԱԾ Է ԵՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՄԱՐԴՈՒԺ ՀԱՅԹԱՅԹՈՂ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»
Այսպէս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքի բացման հանդէսին։ Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ ուսուցիչներու, պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին։ Այս առիթով, դպրեվանեցիներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին…