18-22 Հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք կեցութեան իր կարճ շրջանին, «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» համագումարին առընթեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ, ողջունելով սոյն համագումարը կազմակերպելու նախարարութեան նախաձեռնութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներ ունեցան Հրէական Միջազգային Կրօնական-Մշակութային Կազմակերպութեան նախագահը, Իրաքի խորհրդարանի քրիստոնեայ պլոքին նախագահը, Շուէտի խորհրդարանի Ասորի երեսփոխաններու ներկայացուցիչը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը եւ Աթէնքի Տնտեսագիտութեան համալսարանի նախագահը:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ներկայ պատրիարքներուն ու հոգեւոր պետերուն եւ Վատիկանի ու զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ: Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը յանուն ժողովին մասնակից պատրիարքներուն ու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն խօսք առաւ Յունաստանի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետին կողմէ տրուած ճաշկերոյթին եւ շեշտեց եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան, սիրոյ ու եղբայրութեան կարեւորութիւնը դիմագրաւելու ներկայ աշխարհին տագնապները:
Յունաստան-Հայաստան խմբակի նախագահը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշ տուաւ, որուն նաեւ ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ Աթէնքի հայ գաղութի կեանքէն ներս գործող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնը եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատեց մեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները աշխոյժ պահելը, համագործակցութիւնը եւ մանաւանդ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը: