«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ Մշակոյթներու Հանդիպում» յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղարին՝ Շէյխ Հուսէյն Ահմատ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:   Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին բանալի դերակատարութեան՝ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ…