Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան։

Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ առնչուած քաղաքական հարցեր, և այդ ծիրէն ներս հայ համայնքին դերը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Գերմանիոյ Եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութեանց։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց վերջերս Գերմանիոյ Նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան և հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն գծով կատարած դրական արտայայտութիւնը։