ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՂՋՈՅՆԸ ՍԻՍԷՆ…
22 Օգոստոս 2015… Պատմութիւնը արդէն իր մատեանին մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խիզախ քայլը՝ 100 տարիներ ետք Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն ողջունելու հայ ժողովուրդը եւ հնչեցնելու պահանջատիրութեան ձայնը: Ձայն մը՝ որ կը ներկայացնէր Հայկի ազատատենչ ոգին. ձայն մը՝ որ արձագանգն էր 1293 թուականէն ի վեր, Սիսի մէջ…