ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ Հայ Սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին:

Առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի եւ ընդահանրապէս Սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ անցնող 2014-ի Սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» Թանգարանի կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած՝ հայ սրբանկարիչ Հ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ: Հայր սուրբը մասնագիտական մօտեցումով, 14 օրերու վրայ տարածուած ծրագիրով մը, շուրջ քսան արուեստասէր աշակերտներու բացատրեց եւ սորվեցուց հայ սրբանկարչութեան արուեստի սկզբունքները եւ աստուածաբանութիւնը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ լրջութեամբ հետեւեցան այս խտացուած ծրագիրին: Անոնք պարտականութիւններ ստանձնեցին, որպէսզի վարժութիւններ ձեռք ձգեն եւ պատրաստ ըլլան յաջորդ հանգրուանին՝ ներկելու սկզբունքներուն:

Այս տարի եւս, նոյն աշակերտներու խմբակէն տասը եւ ուրիշ տասներկու արուեստասէրներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, սորվելու համար հայ սրբանկարչութեան ներկելու սկզբունքները: 14 օրերու ընթացքին, Հայր Յոսվէփ, արժեւորելով հայկական սրբանկարչութիւնն ու անոր պատրաստութեան աստուածաբանական մօտեցումը, ինչպէս նաեւ բաղդատական ընելով ուրիշ եկեղեցիներու սրբանկարչութեան սկզբունքներուն, աշակերտներուն մօտ կը զարգացնէ եւ կը լուսաբանէ այս արուեստին մութ անկիւնները, հետաքրքրութիւն ու սէր արթնցնելով մասնակիցներուն մէջ:

Աշակերտները, իրենց դասընթացքը կը սկսին ներկայ գտնուելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս Երեկոյեան ժամերգութեան եւ ապա թանգարանի սրահէն ներս, շարականի ունկնդրութեամբ եւ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ կը հետեւին դասընթացքներուն: Հայր սուրբին ծրագիրն է, յառաջիկայ 14 օրերու ընթացքին աշակերտներուն հետ աշխատիլ երեք սրբապատկերներու վրայ, որոնք պիտի արժանանան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան:
Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ ամէն օր, երեկոյեան 5:00-7:30, եւ երկարի մինչեւ 28 Նոյեմբեր: