Այսօր, Չորեքշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Աթէնք-Յունաստան, ընկերակցութեամբ՝ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի:
Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է իր խօսքը արտասանելու, «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» թեմային շուրջ տեղի ունենալիք համագումարի բացման նիստին։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 2-3 Սեպտեմբեր 2015-ին Աթէնքի մէջ։