15 Օգոստոսի, 2015

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ

«Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ Աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն դասաւորումով իբր տաղաւար տօն նկատուած է, յատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ արարողակարգին ու ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածին վանքի մատրան հիմնադրութենէն ի վեր, Վերափոխման տօնը մեծ շուքով նշուած է ու կը շարունակուի տօնախմբուիլ՝ հոգեւոր վերանորոգութեան առիթ հանդիսանալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Սուրբ Աստուածածին վանքը ամբողջովին պայծառակերպուեցաւ, շնորհիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անհատնում ճիգերուն եւ վանական ամբողջական համալիր մը ունենալու տեսիլքին: Այսօր, Հայոց Հայրապետին երազը իրականացած է: Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածին վանքը իր բոլոր կառոյցներով՝ Սուրբ Աստուածածին մատուռ, Նահատակաց խորան, Վեհարան, միաբանական շէնք, Դպրեվանք, հիւրանոց, հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, որոնք կը շրջապատեն վանքին հսկայածաւալ բակը, կը ներկայանայ իբր վանական ամբողջական համալիր մը: Ամէն օր ուխտաւորներ կ’այցելեն վանք հոգեւոր սնունդ ստանալու համար:

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, վանքին մէջ տեղի ունեցան ժամերգութիւն, Սուրբ Գրոց սերտողութիւն, հոգեւոր լսարան, մատաղի պատրաստութիւն, այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին եւ աջահամբոյր: Ամբողջ շաբթուան մը աղօթքով, հոգեւոր եւ ուխտի տրամադրութեամբ զեղուն մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագով, որ մատոյց Ֆրանսայի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, Շաբաթ գիշեր 15 Օգոստոս 2015-ին: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը, շրջապատուած միաբան հայրերով, կատարեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնը:

Լեցուն էր վանքին հսկայ բակը ուխտաւորներով: Երիտասարդութեան ներկայութիւնը տիրական էր: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ աւելի պայծառակերպուած էր Սուրբ Աստուածածին վանքը:

Հոգեւոր ու ազգային ապրումներով լեցուն մթնոլորտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ «Մեր եկեղեցին աղօթքներու, շարականներու ու մեղեդիներու եւ ընդհանրապէս իր աստուածաբանութեան ճամբով այնքան բնորոշիչ կերպով ներկայացուցած է Սուրբ Աստուածածինը իր սրբակենցաղ կեանքով ու աստուածատուր առաքելութեամբ։ Սուրբ Աստուածածնի անձին մէջ մեր եկեղեցին յատկապէս շեշտած է անոր մայրութիւնը, հոգեւոր ու բարոյական արժանիքները, ինչպէս նաեւ անոր դերը՝ որպէս մայր Աստուծոյ Միածին Որդւոյն։ Ահա թէ ինչու Սուրբ Մարիամ նկատուած է առաջին սուրբը եկեղեցւոյ, եւ որպէս միջնորդ ու բարեխօս մեր եւ Քրիստոսի միջեւ»։ Հետեւաբար, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, «Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին նշումը յիշեցում մըն է յատկապէս մեր քոյրերուն ու մայրերուն իրենց կեանքին տիպարը Սուրբ Աստուածածինը նկատելու։ Ներկայ կեանքի պայմանները այնպիսին են, որոնք յաճախ մեզ կը մղեն մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներէն հեռացումի։ Սուրբ Աստուածածինը Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ որպէս տիպար կին. տիպար՝ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու իր ամուր կապուածութեամբ, տիպար՝ իր սրբալոյս կեանքով ու առաքինի վարքով։ Մեր սպասումն է մեր մայրերէն ու քոյրերէն, որ քրիստոնէական վեհ արժէքներով լեցնեն իրենց անհատական թէ ընտանեկան կեանքը, հեռու մնալով այնպիսի կենցաղակերպերէ, որոնք մեր մէջ կը մթագնեն Սուրբ Աստուածածնի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուածածինը իրենց կեանքի հայելին դարձուցած մեր պատմութեան սրբակենցաղ մայրերուն պայծառակերպող ներկայութիւնը»: Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց թէ՝ «Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի նշումը նաեւ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, մեր քրիստոնէական կեանքը ապրելու աստուածաշնչական արժէքներու ու մեր սրբազան հայրերու ուսուցումներու համաձայն։ Քրիստոնէութիւնը կեանքի որակ է աշխարհ բերած Քրիստոսի արժէքներով ու սկզբունքներով թրծուած։ Հետեւաբար չի բաւեր միայն քրիստոնէութեան ծանօթանալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ կամ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցութեամբ։ Քրիստոնէութիւնը պէտք է ապրի՛լ ու անոր գործնական արտայայտութիւն տալ մեր կեանքէն ներս՝ աղքատին օգնելով, կարիքաւորին ձեռք երկարելով, եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար բարի գործեր կատարելով եւ մեր շուրջը սէր ու բարիք սփռելով»։

Իր պատգամի երկրորդ բաժնին անցնելով, Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին վանքի բարեզարդման մասին ըսաւ. «Փառք Աստուծոյ շինարարական աշխատանքները աւարտած են եւ ինչպէս կը տեսնէք Սուրբ Աստուածածին վանքը ամբողջութեամբ պայծառակերպուած է ու դարձած լայն կարելիութիւններով օժտուած վանք: Սուրբ Աստուածածին վանքին օծումը կատարած եղանք երբ 18 Յուլիսին յուշարձանին ներքեւ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարեցինք բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան։ Այս առիթով անգամ մը եւս Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը ու բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել մեր բոլոր բարերարներուն: Կ’աղօթենք առ Աստուած որ վարձահատոյց ըլլայ մեր նուիրեալ զաւակներու աստուածահաճոյ ու հայակերտ բարերարութիւններուն»։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ՝ «Երբ նայիք մեր պատմութեան, պիտի տեսնէք թէ եկեղեցիներ, վանքեր, կրօնական ու մշակութային կեդրոններ եւ դպրոցներ շինուած են բարերարներով։ Հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը զարգացած են շնորհիւ բարերարներուն։ Եկեղեցին պայծառացած է կոչումի գիտակցութիւն ունեցող հոգեւորականներու կողքին, ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրուած բարերարներու գործակցութեամբ։ Այսօր եւս, հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթն ու դպրոցը, մեր ազգն ու հայրենիքը կը զարգանան, կը բարգաւաճին ու կը հզօրանան նուիրեալներու, հերոսներու, մշակներու կողքին՝ մեր բարերարներուն նիւթական ներդրումով։ Պատի՛ւ ու յարգանք բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ իրենց տուած բարիքներէն մաս մը կը տրամադրեն ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ»։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրակացուց յիշեցնելով թէ՝ «Մեր եկեղեցին, մեր հայրենիքը ու մեր բոլոր կառոյցները կը պատկանին մեր ժողովուրդին։ Անոնց տէրը ու պահապանը ժողովո՛ւրդն է։ Անոնց ծառայողները մեր ժողովուրդէն կու գան ու համարատու են մեր ժողովուրդին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ծառայէ մեր ժողովուրդին։ Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ Աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին։ Նեցուկ կանգնեցէք անոր հայակերտ ու ազգօգուտ ծրագիրներուն. մասնակից եղէք անոր եկեղեցաշէն առաքելութեան։ Ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբողջ հայութեան հզօրացումն է»:

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին խորհուրդին՝ ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը:

Յայտնենք, որ «Ուխտի Օր»ուան Պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, հայրենիքի թէ աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն ապրող ժողովուրդի մեր զաւակները եւս հաղորդակից դարձնելով հոգեթով արարողութիւններուն:

 

More News