Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ին, Պքըրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցող քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց նախագահական ընտրութեան հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ կարելի չէ թափուր ձգել նախագահական աթոռը. ճիշդ է նախագահը քրիստոնեայ է, սակայն ան ո՛չ միայն Լիբանանի քրիստոնեաները կը ներկայացնէ, ո՛չ միայն խորհրդանշական իմաստով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, այլ նաեւ ողջ Լիբանանի ժողովուրդը՝ քրիստոնեայ թէ իսլամ: Հետեւաբար, նախագահական ընտրութեան հարցը լիբանանեան հարց է եւ այս շրջագիծին մէջ պէտք է զայն դիտել: Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, ճիշդ է նախագահի ընտրութեան հարցը բարդ է՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային ազդակներ ու շահեր առնչուած են անոր, սակայն անհրաժեշտ է, որ այս գծով Լիբանանը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը առաջին գործնական քայլը առնեն: Հարկաւոր է այս անորոշ ու վտանգալից կացութենէն դուրս բերել Լիբանանը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

 

Համագումարը իր խորհրդակցութեան աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ եղաւ շրջանի ընդհանուր կացութեան, Լիբանանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցող ժողովրդային ընդվզումին եւ բնականաբար յատուկ տեղ տրուեցաւ նախագահի ընտրութեան: