Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի (Եգիպտոս) Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը՝ ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն: Բացման խօսքը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան նշեց, թէ որպէս Քրիստոնեայ համայնքներ եւ որպէս եկեղեցի մենք անմիջական մէկ մասը կը կազմենք Միջին Արեւելքին եւ…