Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԳՈՀԱՐ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՏԻԿԻՆ ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Տիկին Գոհար Խաչատուրեանին եւ իր երեք զաւակներուն՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններու։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի պետական հայ երեսփոխանները։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որպէս իր հայրական սիրոյն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր յատուկ նախանձախնդրութեան` գործնական արտայայտութիւն, յաճախակի կերպով կ’ընդունի Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները, ուսուցիչներն ու պատասխանատուները: Այս հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը կը յայտնէ ու միաժամանակ կը կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, բարելաւելու եւ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս,…