Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մատթէաս Պատրիարքին միջեւ։
Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տիար Խաչիկ Տէտէեան եւ Կալուածոց Յանձնախումբի անդամ Տիար Վահէ Գալինճեան։ Իսկ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ կողմէ Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պատրիարքին օգնական երկու եպիսկոպոսներ, Միջին Արեւելքի Եթովպիական համայնքներու առաջնորդը եւ Լիբանանի մօտ Եթովպիոյ դեսպանուհին։
Շուրջ ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրներ։ Շեշտուեցաւ մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպիական համայնքին հետ աղերս ունեցող օրինական, վարչական, տնտեսական եւ հովուական շարք մը հարցեր։ Յայտնենք, թէ նկատի ունենալով որ Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպիական համայնքը ցարդ իրաւական ճանաչում չունի, որպէս քոյր եկեղեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հովանաւորէ համայնքը՝ իրաւական ու հովուական գետնի վրայ։