ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ, ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները կը մասնակցին «Թանգարաններու գիշեր» (Museums Night կամ Nuit des Musées) համաշխարհային ձեռնարկին, որ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 Ապրիլ 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ։ Համաշխարհային այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս տարի Լիբանանի մէջ 13 թանգարաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն,…