ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատաւոր ժողովուրդ: Օրուան…