Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Աթէնք, ընդառաջելով Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին հրաւէրին, մասնակցելու Յունաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդները համախմբող համագումարին: Համագումարին ընդհանուր խորագիրն է «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս»: Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսք պիտի առնէ: Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնքի օդակայան ընկերակցութեամբ Անտիոքի Յոյն…