Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Թէոտոր Փասսաֆը։   Նկատի ունենալով դեսպանին նոր նշանակումը, Նորին Սրբութիւնը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Սփիւռքի գաղութներուն, Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան մասին։   Ապա, Վեհափառ Հայրապետին…