24 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար՝ Տիար Իվ Րոսիէյի հետ:
Վեհափառ Հայրապետը նախարարին յայտնեց, թէ Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի հրաւէրով, միասնաբար յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին իրենց զօրակցութեան համար, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին:
Հանդիպումի ընթացքին կարեւորութեամբարծարծուեցանընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէսԼիբանանն ու Սուրիան յուզող հարցեր: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը միջազգային համայնքին եւ Թուրքիոյ կողմէ:
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի աւարտին, նախարարը առաջարկ ներկայացուց վերստին հանդիպիլ, վերոյիշեալ հարցերը աւելի լայն ձեւով քննարկելու համար: