ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ
12-19 Նոյեմբեր 2015-ին, Ժընեւի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն)։
Ժողովականներ լսեցին եւ քննարկեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետին պատգամն ու Ընդհանուր Քարտուղարին զեկոյցը։ Ապա, առիթ ունեցան ստանալու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն եւ յանձնաժողովներու ատենապետներուն տեղեկագիրները։ Վերջապէս, լուսարձակի տակ բերին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրները, պաշտօնէութիւնը, տնտեսական պատկերն ու եկեղեցիներու անդամակցութիւնը, եւ համապատասխան որոշումներ որդեգրեցին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի առաքելութիւնն ու վկայութիւնը առաւել ազդու դարձնելու համար, յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Կիրակի, 15 Նոյեմբերի առաւօտուն, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամները աղօթակից դարձան Ժընեւի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարի հաւատացեալներուն հետ, ուր յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ։
ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ (ՈՉ-ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ) ԺՈՂՈՎ PRO ORIENTE-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Pro Oriente-ի կազմակերպութեամբ Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու (Ոչ-Քաղկեդոնական) Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Ենթայանձնախումբի ներկայացուցիչներու ժողովը տեղի ունեցաւ 10-11 Նոյեմբեր 2015-ին, Վիեննայի մէջ։ Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս․Դանիէլեան, իսկ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ Արմաշ Եպս․ Նալպանդեան:
Ժողովին բացումը կատարեց Pro Oriente-ի Նախագահ Dr. Johann Marte։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան հակիրճ պատմականը ըրաւ յետ Վատիկանի Բ․ Համաժողովին եկեղեցիներու միջեւ միութիւն հաստատելու գծով Վիեննայի մէջ կեանքի կոչուած Pro Oriente կազմակերպութեան նկարագրին մասին, որ ենթահողը պատրաստած է Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան (Catholic Church — Oriental Orthodox Churches International joint Commission for Theological Dialogue):
Ապա, Prof. Dr. Dietmar W. Winkler պատմականը կատարեց 1971-էն ի վեր վերոյիշեալ եկեղեցիներուն միջեւ զարգացած յարաբերութեան եւ պաշտօնական երկխօսութեան։ Prof. Dietmar 1991-էն ի վեր անձամբ մասնակցած ըլլալով սոյն ժողովներուն, համապարփակ կերպով ներկայացուց անոնց ընթացքը:
Pro Oriente-ի աշխատանքները տասնամեակէ մը աւելի դադրած ըլլալով, նախապատրաստական այս ժողովը զբաղեցաւ անցեալի պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական երկխօսութեանց ընդհանուր գործունէութեամբ, տեղեակ եղաւ եկեղեցիներու միութեան գծով արձանագրուած յառաջխաղացքին, եւ պատրաստեց օրակարգը յառաջիկայ ժողովին, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցիներու միջեւ առկայ տարբերութիւնները։
Երեքշաբթի՝ 10 Նոյեմբերի երեկոյեան, ժողովականները ներկայ եղան Վիեննայի Ս․ Գաբրիէլ Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ միջ-եկեղեցական արարողութեան մը, ուր յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեր նահատակներու բարեխօսութեամբ։
Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց, յառաջիկայ տարուան հանդիպումը նկատի ունենալով Նոյեմբեր 28 — Դեկտեմբեր 1, 2016, Վիեննայի մէջ: