Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Աթէնքի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար տեսակցութիւններ ունեցաւ ժողովի մասնակից քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ պետութեան ներկայացուցիչին հետ:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, Ազգային Վարչութեան եւ թեմէն ներս գործող թեմական կառոյցներու հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան միջ-կրօնական, Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ Յունահայոց Թեմի կապուած հարցեր ու ծրագիրներ:
Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ յունական, հայկական ու միջազգային թերթերու եւ լրատուական գործակալութեանց ներկայացուցիչներու հետ: Հարցազրոյցները առաւելաբար ընդգրկեցին Միջին Արեւելքի ու իսլամ ծայրայեղականութեան եւ կրօններու գործակցութեան կապուած հարցեր: