22 Սեպտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՉՈՐՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու՝ Թակէս Անզէյկըր (Tages Anzeiger), Լա Լիպերթէ (La Liberté), Աժանս Րոմանտ Տէ Փրէս (Agence Romande de Presse) եւ Լո Թամբ (Le Temps), թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին՝

 

Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկի հրաւէրին, Զուիցերիա կ’այցելէ յանուն մեր ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու, մարդասիրական եւ քաղաքական այն զօրակցութեան համար, որ Զուիցերիոյ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը ցուցաբերած են հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք:

 

Բ) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուած հարցեր: Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին կարեւորութեամբ շեշտեց ճանաչումէն անդին հատուցման թղթածրարին վրայ կեդրոնանալու հրամայականը: Ան ողջունեց Զուիցերիոյ խորհրդարանի որոշումը եւ յոյս յայտնեց, թէ Զուիցերիոյ ծերակոյտն ու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

Գ) Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը դատապարտելով իսլամ ծայրայեղականներու անմարդկային վերաբերմունքը փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեաներու նկատմամբ, ըսաւ թէ այսօր նոյն ցեղասպանութիւնն է որ կը շարունակուի Միջին Արեւելքէն ներս, վայելելով Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի զօրակցութիւնը: Ան շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով որ երկար դարերու ընթացքին միաստուածեան կրօններու պատկանող համայնքները ունեցած են խաղաղ համագոյակցութիւն: Այս շրջագիծէն ներս ան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ Միջին Արեւելքը դիմագրաւող այս չարիքին՝ ծայրայեղականներուն, որ նաեւ չարիք մըն է ամբողջ աշխարհին համար եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենայ յիշեալ հարցին գծով:

 

Դ) Ընկերութեան կեանքէն ներս եկեղեցիներուն ունեցած դերակատարութիւնը ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին կառոյց կամ վայր չէ, այլ Քրիստոսի կողմէ աշխարհ ղրկուած առաքելութիւն, որուն նպատակն է ընկերութեան կեանքը իմաստաւորել բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով:

 

Ե) Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական երկխօսութիւն: Նորին Սրբութիւնը երկար տարիներու ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ իր վերլուծումն ու արժեւորումը կատարեց այս ծիրէն ներս իրեն ուղղուած հարցումներուն ու կատարուած մատնանշումներուն:

 

Բնականաբար բոլոր հարցազրոյցներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց զուիցերիացի եւ հայ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ ու Հայաստանի պետութիւններուն միջեւ անցեալէն եկող բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ ծաւալելու կարեւորութիւնը: «Զուիցերիոյ դիրքորոշումները միշտ մեկնած են մարդկային ու բարոյական արժէքներէ եւ սկզբունքներէ եւ ո՛չ թէ աշխարհաքաղաքական շահերէ: Զուիցերիան այսօ՛ր եւս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենայ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած հարցերուն գծով: Հո՛ս կը կայանայ միջազգային համայնքէն ներս Զուիցերիոյ իւրայատուկ դիրքը եւ դերը» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ թերթերը առնչուած ըլլալով ֆրանսախօս եւ գերմանախօս երկիրներու մէջ հրապարակուող տարբեր թերթերու, Նորին Սրբութեան ունեցած հարցազրոյցները լոյս պիտի տեսնեն այլ թերթերու մէջ եւս:

 

Զուիցերիա ժամանած առաջին օրը, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը, ուր ներկայացուած էին զուիցերիական մամուլի անդրադարձը եւ տեղեկատուութիւնը, ցեղասպանութիւնը կանխող շրջանին, ցեղասպանութեան ընթացքին եւ մինչեւ Լոզանի վեհաժողովի ժամանակաշրջանին, հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ ցեղասպանութեան մասին: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ցուցահանդէսը կազմակերպողները, միաժամանակ առաջարկեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է առանձին հատորով հրատարակելու ցուցահանդէսին ներկայացուած զուիցերիական մամուլին տեղեկութիւնները, պատմաքաղաքական վերլուծումով:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոս՝ Տիկ. Յասմիկ Տոլմաճեանին: Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Արմէնօֆասի Նախագահ Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:

More News