Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Օսմանեան Թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան առընթեր, նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան քաղդէական եւ ասորական մշակոյթներու հետեւող եկեղեցիներու զաւակները, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի:
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր Քաղդէացիներու Պէյրութի Առաջնորդ Միշէլ Քասարժիի կողմէ, ներկայ գտնուելու 1915-ի քաղդէացի նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութեան, Ս. Ռաֆայէլ Հրեշտակի եկեղեցւոյ մէջ Պաապտա, Լիբանան: Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Քասարժի Եպիսկոպոսին, եկեղեցական դասուն եւ ժողովուրդին կողմէ:
Արարողութեան ընթացքին Քասարժի Եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ խօսք առնող բոլոր եկեղեցականները յիշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անդրադարձան հայ ժողովուրդի յառաջատար դերակատարութեան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը լուսարձակի տակ բերելուն եւ արդարութեան պահանջին:
Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսքը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց աղօթակից դառնալու եւ միասնաբար մեր նահատակները յիշելու անհրաժեշտութիւնը, ապա անդրադառնալով նահատակի քրիստոնէական հասկացողութեան ըսաւ. «Նահատակը այն անձն է, որ իր արիւնը կը թափէ իր հաւատքին և իր քրիստոնէական արժէքներուն ու սկզբունքներուն համար, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի ուսուցումներուն: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ մը նահատակները նաեւ նահատակներն են բոլոր եկեղեցիներուն: Նահատակները իրենց թափած արիւնով կը միացնեն մեզ՝ քրիստոնեաներս»: Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ. «Եղբայրական հին կապեր գոյութիւն ունին հայ եկեղեցւոյ եւ քաղդէական եկեղեցւոյ միջեւ: Իրաքի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ ու Լիբանանի մէջ մեր եկեղեցիներու զաւակները միասին ապրած են, միասին աղօթած են, միասին գործակցած են ու նաեւ միասին նահատակուած են ամուր պահելով իրենց քրիստոնէական հաւատքը: Մենք երբեք չենք մոռցած մեր ցեղասպանութիւնն ու նահատակները ու երբեք պիտի չմոռնանք: Անոնք մեռան որպէսզի մենք ապրինք, անոնք իրենց արիւնը թափեցին քրիստոնէական հաւատքին համար, որպէսզի մենք մեր հաւատքը աւելի զօրացնենք»:
Իր խօսքին վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակին եւ քրիստոնեաներու կրած նեղութիւններուն այդ շրջաններէն ներս: Ան շեշտեց, թէ Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներուն բնօրրանն է, հետեւաբար հակառակ բոլոր դժուարութեանց քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց արմատներուն ու պապերու հաւատքին: Այս առումով Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց քերոստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի սկզբունքներու վրայ հիմնուած:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց քաղդէացի նահատակներուն նուիրուած յատուկ սրբապատկերին օծումը: