Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին՝ արտասանուած Հայ Գիրքի 36-րդ Ցուցահանդէսի բացման առթիւ. Անթիլիասի Մայրավանքի շաջափակին մէջ, Կիրակի 11 Հոկտեմբեր 2015-ին։ |
24 Ապրիլ 1915… Սկիզբ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը ծրագրող ցեղասպան թուրքը քաջ գիտէր, թէ ազգ մը բնաջնջելու առաջին եւ ամէնէն ազդու միջոցը անոր մտաւորական դասակարգին չէզոքացումն էր։ 23-էն 24 Ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ցեղասպանը դիմեց այս ոճրային քայլին։ Եկեղեցականներ ու մտաւորականներ՝ գրագէտ, երեսփոխան, բժիշկ, փաստաբան, հրապարակագիր, ուսուցիչ ձերբակալուելով տարուեցան բանտ ու աքսոր, ուր ամէնէն բիրտ ու բարբարոսային միջոցներով խողխողուեցան։
Նահատակ մտաւորականներու երկունքներով ու տեսիլքներով լիցքաւորուած ու մանաւանդ անոնց առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութեամբ զսպանակուած մտաւորականներու նոր սերունդներ սփիւռքի անգոյն ու անորոշ պայմաններուն մէջ վերակազմակերպեցին մեր գաղութները՝ նոր հունտեր ցանելով հայ մշակոյթի ծաղկաստանին մէջ, նոր աւիշով կենսաւորելով մեր կրթական կեանքը եւ հոգեմտաւոր արժէքներով հարստացնելով մեր մշակոյթը։ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու պայքարին ռահվիրաները դարձան մեր մտաւորականները։
Այսօր, 100 տարիներ յետոյ, դարձեալ կը յիշենք մեր նահատակ մտաւորականները։ Կը խոնարհինք անոնց ազգային, կրօնական, մշակութային, կրթական, ընկերային ու հասարակական մեծ վաստակին առջեւ, եւ ունկնդիր անոնց յաւերժախօս պատգամին ու հաւատարիմ անոնց սրբազան կտակին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետեւեալ յիշեցումները ու թելադրութիւնները կ’ուզենք կատարել.-
Առաջին, առաւե՛լ ծաղկեցուցէք մեր մշակոյթի անդաստանը։ Այսօր, մեր մշակոյթի անդաստանը այնքան հարուստ չէ, ինչ որ էր տակաւին մի քանի տասնամեակներ առաջ։ Մեր կեանքէն ներս մշակութային նահանջը ակներեւ է։ Մեր մշակոյթի անդաստանէն ներս նոր հունտեր ցանողներուն թիւը զգալիօրէն սկսած է պակսիլ, և նոյնիսկ հոն ցանուած հունտերը մշակողներուն մօտ նուիրումը սկսած է նահանջ արձանագրել։ Արդարեւ, ո՞վ պիտի խնամէ ու առաւել ծաղկեցնէ մեր մշակոյթի պարտէզը, եթէ ոչ մեր մտաւորականները, մեր գրողներն ու ուսուցիչները։ Առանց մեր մշակութային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն մեր ազգին ոգեղէն ծաղկաստանը պիտի խամրի՝ չորցնելով մեր ազգին գոյութեան ամէնէն կենսատու արմատները ու գունաթափելով մեր ինքնութիւնը։ Չմոռնանք, որ ազգ մը՝ առանց իր ինքնաճանաչողութիւնը պահող, պաշտպանող ու հարստացնող հոգեմտաւոր արժէքներուն, կը կորսնցնէ իր գոյութեան պատճառը։
Երկրորդ, բացուեցէ՛ք օտարին, առանց օտարանալու։ Պատմութեան ընթացքին օտարը միշտ ներկայ եղած է հայ կեանքէն ներս։ Սակայն, մեր “փոքր ածու”ն իր հզօրագոյն զէնքով՝, հայ մշակոյթով, ինքզինք պաշտպանած է օտարին օտարացնող ներխուժումներուն դիմաց։ Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին ու անցանկապատ ընկերութեան մէջ օտարը մեր հարեւանն է, մեր գործակիցը, մեր ընկերը ու նո՛յնիսկ մեր ընտանիքին անդամը…։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Ազգայնամոլ ու ռոմանթիք մօտեցումներ կրնան բացասական անդրադարձ ունենալ յատկապէս մեր երիտասարդութեան մօտ։ Սփիւռքի մեր կեանքի պայմանները այնպիսին են, որ փաստօրէն ո՛չ կրնանք օտարը հեռացնել մեզմէ եւ ո՛չ ալ մենք կրնանք հեռանալ օտարէն։ Սակայն՝ զգոյշ. օտարին ներկայութիւնը մեզ պէտք չէ օտարացնէ, այլ պէտք է մղէ առաւե՛լ հաւատարմութեամբ կառչելու մեր արմատներուն։ Փոխանակ օտարին դէմ պայքարելու, պէտք է օտարը հայացնել, ինչ որ ըրին մեր պապերը՝ հակառակ այն իրողութեան, որ շրջապատուած էին յունական, ասորական, պարսկական, իսլամական, բիւզանդական, լատինական եւ այլ մշակոյթներով։
Երրորդ, կենդանի ու անաղարտ պահեցէք հայ լեզուն։ Հետեւեցէք հայ լեզուի գոյաւորման, կազմաւորման ու զարգացման հոլովոյթին։ Հայաստանի ու մանաւանդ Կիլիկիոյ մէջ հայ լեզուն միշտ ենթակայ եղած է օտար ազդեցութիւններու։ Սակայն, հայ լեզուն երբեք չէ կորսնցուցած իր բառապաշարային հարստութիւնը եւ շարահիւսական ու քերականական իւրայատկութիւնը։ Երկար դարեր յունական եւ ասորական լեզուներու անմիջական դրաձնութեան մէջ ապրող մեր ժողովուրդը չէ հեռացած իր ինքնութեան առանցքը ու գոյութեան հիմքը կազմող հայ լեզուէն։ Իսկ այսօր, դիտեցէք ձեր շուրջը՝ հայրենի հողին վրայ, տակաւին ռուսական բառերով լեցուն եւ տարբեր ուղղագրութեամբ արեւելահայերէն. Սփիւռքի մէջ օտար բառերով ու դարձուածքներով յատկանշուող արեւմտահայերէն՝ տարբեր ուղղագրութեամբ. իսկ վերջին տասնամեակին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց զարգացումով, արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի խառնուրդ նոր լեզուի մը կազմաւորումը…։ Եթէ հայ լեզուն իր ներկայ բաբելոնային վիճակէն չկարենանք շուտով ազատագրել, մեր հայրերուն կողմէ ծով զոհողութեամբ պահուած ու պաշտպանուած Մեսրոպաշունչ լեզուն պիտի կորսուի պատմութեան փոշիներուն տակ։ Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի աղաւաղումին ու նահանջին՝ մեր տուներէն, միութիւններէն, եկեղեցիներէն ու նո՛յնիսկ դպրոցներէն ներս …։
Չորրորդ, գնահատեցէ՛ք ու պատշպանեցէ՛ք գրողը, մտաւորականը եւ ուսուցիչը։ Այսոնք են, նոր օրերու մեր “անձինք նուիրեալք”ները, մեր լեզուին ու մշակոյթին, մեր ոգեղէն արժէքներուն ու ազգային իտէալներուն արի պաշտպանները ու նուիրեալ առաքեալները։ Ցեղասպանը իր սուրը նախ ուղղեց մտաւորականներուն, որովհետեւ քաջ գիտէր, թէ ազգ մը առանց մտաւորականութեան պիտի վերածուէր անգլուխ մարմինի։ Իսկ այսօր ի՞նչ է մեր վերաբերումը մեր մտաւորականներուն նկատմամբ։ Արդեօք մտաւորականը արժանի յարգանք ու պատիւ կը վայելէ՞։ Արդեօք գրագէտը իր գործի հրատարակութեան համար մեկենաս ունի՞։ Արդեօք հայակերտումի առաքելութեան լծուած հայ ուսուցիչը իր արժանի վարձատրութիւնը կը ստանա՞յ։ Դժբախտաբար, մեր կեանքէն ներս արժէքի ու արժանիքի չափանիշերը սկսած են շրջուիլ։ Յաճախ կեղեւը կը գնահատենք անտեսելով միջուկը, պղպջակը կը տեսնենք՝ մոռնալով աղբիւրը, երեւոյթով կը խաբուինք՝ թերագնահատելով խորքը։ Միայն կատարուած աշխատանքը չգնահատենք. հարկ է նաեւ ու մանաւանդ, որ նեցուկ կանգնինք կատարուելիք աշխատանքին՝ ճշմարիտ հոգեւորականին, իրաւ մտաւորականին, լուրջ գրագէտին, նուիրեալ ուսուցիչին, այլ խօսքով, նոր սերունդներ կազմաւորելու ու ազգին ապագան կերտելու կոչուած այս յանձնառու մշակներուն գո՛րծնապէս քաջալեր հանդիսանալով։
Մեր պարզած մտահոգութիւնները ու կատարած մատնանշումները կ’ենթադրեն առողջ մտածութիւն, յստակ տեսակէտ ու լայն հայացք ունեցող, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու հայրենիքին մարտահւրաւէրները դիմագրաւելու քաջութիւնը ունեցող մտաւորականներու հրամայական անհրաժեշտութիւնը հայ կեանքէն ներս։
Ահա ա՛յս մտածումներով ու սպասումներով բացումը կը կատարենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գիրքերու 36րդ Ցուցահանդէսին։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
11 Հոկտեմբեր 2015
Անթիլիաս