Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ
20 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ Հայրապետը բաժանմունքի գործավար Տիար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ Միաբան Հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է…