11 August, 2015

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ Մշակոյթներու Հանդիպում» յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղարին՝ Շէյխ Հուսէյն Ահմատ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:

 

Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին բանալի դերակատարութեան՝ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան բնագաւառներէն ներս տարած իր աշխատանքներուն: Շէյխ Շհատէ յայտնեց, թէ լաւ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ անոր ցաւը կը համարէ իր ցաւը: Ան խստիւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պատասխանատու սեպելով Թուրքիան 100 տարի առաջ կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան: Ան նկատեց, որ Թուրքիան այսօր եւս ժխտական դերակատարութիւն ունի Միջին Արեւելքի ապակայունացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչ զանազան խմբակներու զօրակցութեան մէջ: Վերջապէս, Շէյխ Շհատէ ըսաւ, թէ ինք այս առիթը կ’ուզէ օգտագործել, եւ Կաթողիկոսարանէն կոչ ուղղել բոլոր քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց արմատներուն եւ հողերուն Միջին Արեւելքէն ներս:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին գնահատելով երկխօսութեան այս նախաքայլը, ըսաւ. «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ։ Ամբողջ աշխարհը այսօր կրօնական ծայրայեղականութեան դժուարութեան դէմ յանդիման կը կանգնի, եւ մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է պայքարիլ ծայրայեղականութեան դէմ»: Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութիւնը նկատեց տարածաշրջանին նկարագիրը, որուն պահպանումին համար պէտք է ճիգ թափեն քրիստոնեաներն ու իսլամները հաւասարապէս եւ զգուշացուց կրօնքին քաղաքական նպատակներով շահագործուելուն վտանգէն: Անդրադառնալով Թուրքիոյ դերակատարութեան Նորին Սրբութիւնը յայտնեց. «Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին լաւապէս ճանչցած է թրքական նենգ քաղաքականութիւնը: Մենք օրին, արաբական աշխարհի զանազան պատասխանատուները զգուշացուցինք Թուրքիոյ երկդիմի ու վտանգաւոր քաղաքականութենէն: Այսօր, բոլորին ծանօթ են, Թուրքիոյ որդեգրած նոր փանթուրանիզմը եւ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան իր կողմնակցութիւնը»:

 

More News