Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

 

Սոյն Հայրապետական Պատգամը ընթերցուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ։

 

 

ՈՂՋՈՅ՜Ն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

ՍԻՍԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ

 

            Խոր յուզումով բայց վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ Սիսի մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանէն։

 

            Պատմութեամբ շնչող սրբավայր է այս Կաթողիկոսարանը՝ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի լերան լանջին։ Արդարեւ, Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետով հաստատուած Կաթողիկոսարանը, քաղաքական ու ապահովական պայմաններու բերումով, պատմութեան ընթացքին յաջորդաբար փոխադրուելէ յետոյ Դուին, Աղթամար, Արգինա, Անի, Թաւբլուր, Ծամնդաւ, Ծովք եւ Հռոմկլա, 1293-ին հաստատուեցաւ Սիս։

 

            Անցնող դարերուն Սիսի Կաթողիկոսարանը իր Սուրբ Սօֆիա Մայր Տաճարով, հարուստ մատենադարանով, ձեռագիրներու ու սրբազան սպասներու եզակի հաւաքածոյով դարձաւ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ճառագայթող կեդրոն։ Մեր հայրապետներն ու հոգեւորականները, հաւատարիմ Լուսաւորիչներու ու Շնորհալիներու սրբազան աւանդին, իրենց հաւատքի վկայութեամբ ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ ամուր պահեցին մեր եկեղեցին եւ անխախտ մեր սրբութիւնները, արժէքներն ու աւանդութիւնները՝ հակառակ զիրենք շրջապատող բազմաթիւ ու բազմատեսակ վտանգներուն։

 

            Մեր մէկուկէս միլիոն զաւակներուն կողքին, 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձաւ նաեւ հայ եկեղեցին՝ իր հոգեւորականներով, հոգեմտաւոր ժառանգութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներով, վանքերով, կալուածներով ու նաե՛ւ Սիսի Կաթողիկոսարանով։

 

            Ինչպէ՞ս չյիշել սա պահուն, երբ աւերակի վերածուած Կաթողիկոսարանէն Հայրապետական օրհնութեան Մեր խօսքը կ’ուղղենք հայ ժողովուրդին, արտասուալից աչքերով ու դողդոջուն ձեռքերով երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին գրած նամակները Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուներուն՝ մեր ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնը կասեցնելու պահանջքով։

 

            Ինչպէ՞ս չյիշել Օսմանեան կայսրութեան հրահանգը՝ հեռանալու հայ եկեղեցւոյ խունկով ու աղօթքով օծուն այս պատմական Կաթողիկոսարանէն, եւ այնքա՜ն դժուար պայմաններուն մէջ խումբ մը նուիրեալ միաբաններու կողմէ Լուսաւորչի Աջին, սրբալոյս միւռոնի կաթսային, Բարձրբերդի Աւետարանին եւ այլ ձեռագիրներուն եւ եկեղեցական սպասներուն փոխադրութիւնը նախ Հալէպ ու ապա Անթիլիաս։

 

            Աքսորի ու անորոշութեան ճամբան ելլելէ առաջ, Կիլիկիոյ արի Հայրապետը Կիլիկեան հողին վրայ գրի առած վերջին սրբատառ կոնդակին ճամբով իր աղօթքը կը բարձացնէր առ Աստուած ըսելով՝ Կաղաչեմ զԱստուած հարցն մերոցորպէսզի Տաւրոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ (գլխագրումը Սահակ Կաթողիկոսին կողմէ) առաջնորդող հրեղէն սիւնը (Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս, 1939, Անթիլիաս, էջ 972)։ Հայոց տեսլապաշտ Հայրապետին հոգիէն ժայթքած մարգարէատեսիլ բառեր…։

 

            Ուրախ լեր քու երանական հանգիստիդ մէջ, Սրբազնասուրբ Հայրապետ. դարձեալ ազա՛տ է ու անկա՛խ մեր սիրելի հայրենիքը. հզօ՛ր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ. եւ աւելի քան երբեք միակա՛մ է ու յանձնառո՛ւ մեր ժողովուրդը իր բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ։

 

            Եթէ կորսնցուցինք հողեղէն Կիլիկիան, շինեցինք սակայն հոգեղէն Կիլիկիան։ Եւ սա պահուն, հոգեղէն Կիլիկիայէն միաբանութեան ներկայացուցիչները եկած են խոնարհելու՝ մեր սրբացեալ նահատակներու եւ Սիսի Կաթողիկոսարանին մէջ Հայրապետական գահ բարձրացած եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդած Հայրապետներուն խնկելի յիշատակին առջեւ։

 

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան ներկայացուցիչները եկած են Մեր թելադրութեամբ ու օրհնութեամբ, հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջելու եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը վերահաստատելու՝ հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին։

 

            Թող հնչեն ու արձագանգեն հայ կեանքէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օրհներգին ապագայատեսիլ բառերը՝

 

            “Երբոր բացուին դռներն յուսոյ

            Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,

            Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ

            Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր,

            Երբոր ծիծառն իր բոյն դառնայ,

            Երբոր ծառերն հանգնին տերեւ,

            Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,

            Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ…”։

 

Յիշել, յիշեցնել ու պահանջե՛լ…։ Ահա՛ իւրաքանչիւր հայուն եւ ո՛ղջ հայութեան կեանքի ճշմարիտ ուղին։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

22 Օգոստոս 2015

Սիսի Կաթողիկոսարան

Կիլիկիա