Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), երէկ` երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում` Սիսի կաթողիկոսարան մեկնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան պատուիրակութեան հետ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հոգեւոր հայրերու եւ հաւատացեալ ազգայիններու:
ՀԵՀՈՄ-ի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Արազ Գոճայեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Պատմական յետադարձ ակնարկով Գոճայեան անդրադարձաւ Սիս անուան ծագումին` նշելով, որ Սիս քաղաքին անունը եկած է Քասիս բառէն, որ ասիս կը հնչուէր եւ որ կը նշանակէ` քահանայ: Ժամանակի ընթացքին այբը իյնալով` դարձած է Սիս: Ուրեմն Սիսը` քահանաներու վայրը, պատահականութեամբ չէ, որ հայ ժողովուրդին կաթողիկոսանիստ քաղաքը դարձած է: Ներկայիս Սիսը կը կոչուի Գոզան, որ եկած է Գոզանօղլու անունով ընտանիքէ մը: Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ խիզախ քայլով 22 օգոստոս 2015-ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Սիսի կաթողիկոսարան: Ասիկա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջին քայլը եղաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ Սիսը անգամ մը եւս մկրտելու իր պատմական անունով եւ անոր թաքուն միւռոնաբոյր ինքնութիւնը յայտնաբերելու:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սիսի կաթողիկոսարան մեկնած պատուիրակութեան անդամ միաբանները` զեկուցելով իրենց ապրած փորձառութեան եւ տպաւորութիւններուն մասին:
Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին դէմ դատական հարցի յարուցման շարժառիթներուն, պայմաններուն եւ առնչակից մանրամասնութիւններուն: Ան նշեց, որ այս իմաստով փետրուար 2012-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, որուն աւարտին կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ` մասնակցութեամբ հայ, ինչպէս նաեւ թուրք փաստաբաններու եւ մասնագէտներու, ինչպէս` Թաներ Աքչամ եւ ուրիշներ: Հայր սուրբը շեշտեց, որ այս քայլով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը պահանջէ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձը եւ հոն կրօնական արարողութիւն կատարելու իրաւունք եւ ոչ թէ նիւթական հատուցում: Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք այս ծիրին մէջ է, որ պատուիրակութիւնը այցելեց Սիսի կաթողիկոսարան եւ հոն կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը:
Ապա Պետրոս վրդ. Մանուէլեան խօսեցաւ պատուիրակութեան այս առաքելութեան գործնական քայլերուն, նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, յատկապէս Թուրքիոյ ներկայ պայմաններուն մէջ: Հայր սուրբը մանրամասնեց Պէյրութի օդակայանէն մինչեւ Ատանա երթուդարձի ընթացքին պատուիրակութեան ապրած փորձառութեան եւ Սիսի աւերակ բնօրրանին մէջ հոգեհանգստեան արարողութեան ու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամի ընթերցումին ու այս բոլորը հայ թէ օտար հանրութեան փոխանցելու միջոցները:
Իսկ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան անդրադարձաւ Սիսի կաթողիկոսարանի պատմական ծագման, երբ Եգիպտոսի մեմլուքներուն կողմէ Հռոմկլա կաթողիկոսանիստ նստավայրի քանդումէն ետք 1293-ին կը հիմնուի Սիսի կաթողիկոսարանը: «Աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունի Կիլիկիոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ այսօր մենք Կիլիկիայէն միայն մէկ սրբութիւն ունինք, որն է` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: 100 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ըսինք թուրքին, որ այս հողը մեր ժողովուրդին կը պատկանի: Հայ եկեղեցին նոյնացուցած է ինքզինք հայ ժողովուրդին հետ: Կիլիկիան ունի իր կրկնօրինակը` Անթիլիասի մայրավանքը, որ կը շնչէ Կիլիկիոյ ոգիով», ընդգծեց հայր սուրբը: «Մենք իբրեւ զբօսաշրջիկ չգացինք, այլ գացինք իրաւատէրի, տանտէրի հանգամանքով, վախի զգացում բացարձակապէս չկար, թերեւս մեր աչքերուն մէջ արցունք կար, այո՛, թէ 100 տարի ետք հայու աղօթքը պիտի հնչէ Սիսի սրբավայրէն», շեշտեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ապա հոգեւոր հայրերը պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
«Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ այս քայլը ի՞նչ արձագանգ գտած է թուրք հանրային կարծիքին մօտ եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատական հայցին գծով, Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան յայտնեց, որ առաւելաբար գնահատողներ եղած են այս խիզախ քայլը, նոյնիսկ թուրք անձնաւորութիւն մը շնորհաւորած է զայն ե-նամակով: Հայր սուրբը նաեւ յայտնեց, որ ըստ օտար մասնագէտներու, այս քայլը կրնայ իր դրական անդրադարձը ունենալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին դէմ բացուած դատին գծով, յատկապէս Եւրոպական դատարանին մէջ:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատելով ՀԵՀՈՄ-ի այս քայլը մաղթեց, որ համալսարանական հայ ուսանողներ համախմբուին ՀԵՀՈՄ-ի շուրջ: Սրբազան հայրը մեծ երախտիքով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ «վստահաբար արկածախնդրութեան չձեռնարկեց, այլ` յիշեցնելու, թէ Սիսի մէջ ունինք սեփական հող, արդար իրաւունքներ եւ այնքան ատեն որ մենք տանտէրի եւ իրաւատէրի մտայնութեամբ կը մնանք պահանջատէր եւ չենք հրաժարած ու առիթ կը ստեղծենք մեր ձայնը լսելի դարձնելու թէկուզ աւերակուած Սիսի բնօրրանէն, զայն խլողը չի կրնար քնանալ»: Շահէ սրբազան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, պատուիրակութեան անդամ հոգեւոր հայրերուն` մաղթելով, որ հասարակաց այս հարցերը մնան հայ ժողովուրդի մնայուն մտահոգութեան նիւթ:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը Սիսի կաթողիկոսարանին մասին, ուր մէջբերումներ եղած էին Արամ Ա. վեհափառի պատգամէն եւ տեղադրուած էին Սիսի կաթողիկոսարանի աւերակներուն մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն պատկերներ: