Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական կազմաւորման մասնակցող աւելի քան 50 համալսարանականներ։ Խումբին մաս կը կազմէին Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Մարոքի և եւրոպական երկիրներու համալսարաններէ ներս աստուածաբանական դասընթացքներու հետեւող ուսանողներ, որոնք եկած էին Լիբանան միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան ու անոր առնչուած ծրագիրներուն և առաջնահերթութիւններուն աւելի…