Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՓՐՈՖ. ԴՈԿՏ. ՍԵԴԱ ՏԱՏՈՅԵԱՆԸ

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2015-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց մտաւորական Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:               Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կաթողիկոսարանի Դիւանապետ Տիար Խաչիկ Տէտէեանը, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է Փիլիսոփայութեան մէջ Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճանին՝ մասնագիտանալով…